2016-04-04 09:57:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի քարտուղարին այցելութիւնը Սուրիա` ''Սուրիացիները չմոռնանք''։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի քարտուղար` Յիսուսեան միաբանութեան անդամ`  Շիրիլ Վազիլ արքեպիսկոպոսը, անցեալ 12-17 մարտ 2016-ին, մասնակցեցաւ սուրիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Թարթուս քաղաքին մէջ։ Հաւաքին ներկայ էին Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարք Գրիգորիոս Գ Լահհամ, Ասորիներու Պատրիարք Ինգնատիոս Պետրոս Եունան ու Վատիկանի առաքելական նուիրակ գերապայծառ  Մարիօ Զենարի։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի քարտուղարը ներկաներուն հաղորդեց ֆրանչիսկոս Պապի զօրակցութիւնն ու հոգատարութիւնը, հանդէպ սուրիացի համայն ժողովուրդին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն, իրենց տուած վկայութեան ու հաւատարմութեան համար։ ''Դուք այլ ոմն Քրիստոս մըն էք, որ իր կեանքը տուաւ իր բարեկամներուն համար, հօտին համար։ Ես ձեր մէջ կը գտնուիմ, նախ շնորհակալութիւնս յայտնելու ձեր յարատեւ յանձնառումին համար, համբերութեան, ու ձեր մօտիկութեան հաւատացեալներուն։ Իմ այցելութեանս նպատակն է արտայայտել ընդհանրական եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը ու վստահեցնել որ ան ձեզ չէ մոռցած, դուք եկեղեցւոյ սիրտն էք, ու մենք ձեզի հետ կը տանինք ձեր տառապանքը'' ըսաւ Արքեպիսկոպոս Շիրիլ Վազիլ, ապա խօսեցաւ քահանաներու, կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներու հետ իր ունեցած հանդիպումներու մասին, սուրիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Այս հանդիպումները, ըսաւ Ան, առիթ տուին մօտէն ճանչնալ իրական կացութիւնը` իր ցաւերով եւ յոյսերով։ Ան ապա եպիսկոպոսներէն խնդրեց մօտէն հետեւիլ գաղթականութեան ճամբան առած իրենց հաւատացեալներուն։ Մեր բաղձանքն է որ հաւատացեալները կառչած մնան իրենց հողին, իրենց տունին, այս գեղեցիկ երկրին որ է Սուրիան, ըսաւ գերապայծառ Վազիլ, յատյնելով թէ ինք ականատես եղաւ թէ ինչպէս պատերազմը քայքայած է երկիրն ու ընկերութիւնը, որ վարժ էր ապրիլ համակեցութեամբ ու խաղաղութեամբ, իւրաքանչիւրը յարգելով ուրիշին հաւատքը։ Գերապայծառ Վազիլ ապա քաջալերեց բոլորը որ հաստատ մնան յոյսին մէջ, որովհետեւ եկեղեցին կը հաւատայ Ս. Հոգւոյն ներգործութեան։

Սուրիայ կեցութեան ընթացքին Գերապայծառ Վազիլ այցելեց Սետնայեան` Յոյն Կաթողիկէներու փոքրիկ դպրեվանքը, ապա այցելեց քերովբէներու լեռը, ուր կ՝ապրէին օրթոտոքս վանակնները եւ ուր այսօր դժբախտաբար վանատունը լքուած է, զինուորներու ներկայութեան պատճառաւ։ Ան ապա այցելեց Յոյն օրթոտոքսներու Մարեմեան սրբավայրը, ճանչցուած որպէս Սետնայեայի Տիրամօր սրբավայր, ուր տակաւին կ՝ապրին 13 կրօնաւորուհիներ։

Հովուական այցելութեան երկրորդ օրը  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի քարտուղարը այցելեց Եապրուտ քաղաքը, ուր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ աղօթեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ Ան ապա` Յոյն կաթողիկէներու առաջնորդարանին մէջ, հանդիպում ունեցաւ կղերին հետ։ Անոնց յիշեցուց որ եկեղեցին դարերու հոլովոյթին, միշտ եղած է հալածանքի առարկայ, ինչպէս է պարագան Սլովաքիային` իր հայրենիքին, համայնավարութեան տարիներուն։

Դամասկոսի մէջ­, գերապայծառ Շիրիլ Վազիլ, հանդիպում ունենալէ ետք կղերին հետ Յոյն Կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ,  ողջունեց մայրաքաղաքին մէջ գործող բարեսիրական մարմինները։ Գերապայծառ Շիրիլ Վազիլ մաղթեց որ Սուրիոյ մէջ, խաղաղութեան հաստատումէն անմիջապէս ետք,  ամէն ջանք դափուի որպէսզի գաղթած քրիստոնեաները կարելիութիւնը ունենան վերադառնալու իրենց տուները։








All the contents on this site are copyrighted ©.